2014-05-10 09:56:33

Քանատա` Կեանքի ի նպաստ ազգային քայլարշաւ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետին քաջալերական պատգամը։


Քանատայի Օթթաուա մայրաքաղաքին մէջ, անցեալ 8 մայիս 2014ին կայացած` Կեանքի ի նպաստ քայլարշաւին մասնակցած են, աւելի քան 20 հազար անձեր։ Քայլարշաւին բնաբանն էր` ''մարդկային կեանքը պաշտպանելու հիմնական իրաւունքը''։
Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարի ստորագրութիւնը կրող պատգամին մէջ, կարտինալ Փարոլին յանուն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին մաղթած է որ այս քայլարշաւը աւելի մեծ յարգանք արծարծէ հանդէպ կեանքին։ Պատգամը ուղղուած է Օթթաուա թեմի առաջնորդ եւ Քանատայի եպիսկոպոսական դասի գահերէց` կարտինալ Լաքրուային ու կարդացուած` Ազգային ժողովի պալատին հրապարակի վրայ, ուր համախմբուած էին քայլարշաւի մասնակցողները։
Նշենք որ Սրբազան Քահանայապետը նախապէս քաջալերական պատգամներ ուղղած է Ուաշինկթոնի եւ Հռոմի կեանքի ի նպաստ քայլարշաւին մասնակիցներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.